image

Կոլանի մէջ Թրամբի անունով շրջաններու անուանակոչութիւն

Կոլանի մէջ Թրամբի անունով  շրջաններու անուանակոչութիւն

Իսրայէլի կառավարութիւնը Կոլանի բարձունքներուն վրայ յատուկ արարողութեամբ իրականացուցած է «Թրամբի բարձունքներ» անուանմամբ նշանի բացումը այն վայրին մէջ, ուր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի պատուոյն շուտով բնակավայր պիտի տեղակայուի:

Ինչպէս կը յայտնէ Gazeta.ru-ն, բացման խորհրդանշական արարողութեան ներկայ եղած են երկրի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն եւ ԱՄՆ-ի դեսպան Տեւիտ Ֆրիտմանը:

«Մենք հպարտ ենք, որ հնարաւորութիւն ունինք բնակավայր հիմնելու եւ արժանի տուրք մատուցելու մեր մեծագոյն բարեկամին», - ըսած է Նեթանիահուն:

ԱՄՆ դեսպանը, իր հերթին, նշած է, որ Միացեալ Նահանգները կը գնահատէ «արտակարգ քայլը» Թրամբի հանդէպ:

Կոլանի բարձունքները վիճայարոյց տարածք է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որու մէկ մասը կը վերահսկուի Իսրայէլի, միւս մասը՝ Սուրիոյ կողմէ: Աւելի վաղ կայացուցած որոշմամբ՝ Թրամբը Կոլանի բարձունքները ճանչցած էր իսրայէլեան տարածք: