image
Հրատապ լուրեր:

Լիպիա. Նոր յարձակումներ մայրաքաղաք Թրիփոլիի ուղղութեամբ

Լիպիա. Նոր յարձակումներ մայրաքաղաք Թրիփոլիի ուղղութեամբ

Լիպիոյ ազգային բանակը մարշալ Խալիֆա Հաֆթարի գլխաւորութեամբ նոր յարձակումներ սկսած է մայրաքաղաք Թրիփոլիի վրայ՝ յոյս ունենալով գրաւել Ալ-Շահատէ հրապարակը: Այս մասին յայտնած է Լիպիոյ ազգային բանակի զօրավար Սալիհ Պուհալիքան:

«Լիպիոյ ազգային բանակը նոր փուլ սկսած է, մենք պիտի յայտնուինք ալ Շահատէ հրապարակի դարպասներէն այն կողմ, թշնամին պարտութիւն կը կրէ եւ սկսած է փախուստի դիմել մարտի դաշտէն՝ քաղաքին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու»,- ըսած է Պուհալիքան:

Յիշեցնենք, որ Յիշեցնենք, որ 4 ապրիլին մարշալ Հաֆթարին ենթակայ բանակային ուժերը գրոհ սկսած էին Թրիփոլիի դէմ: Լիպիոյ մէջ երկիշխանութիւն կը տիրէ 2011 թուականին Մուամմար Քատաֆիի սպանութենէն ետք: Լիպիոյ արեւելեան շրջանին կ'իշխէ ընտրուած խորհրդարանը, իսկ Թրիփոլիի մէջ՝ ՄԱԿ-ի եւ ԵՄ-ի աջակցութեամբ կազմաւորուած ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը՝ Ֆաիզ Սարաճի գլխաւորութեամբ: