image

Փախստականներու ողբերգութիւնը կը շարունակուի. Թունիսի ափերուն յայտնաբերուած են 82 դիակներ

Փախստականներու ողբերգութիւնը կը շարունակուի. Թունիսի ափերուն յայտնաբերուած  են 82 դիակներ

Մէկ շաբաթ տեւած որոնումներէն ետք յայտնաբերուած են Թունիսի ափերուն մօտ նաւաբեկութեան ենթարկուած նաւակի բոլոր ուղեւորներու մարմինները, կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը:


Ծովէն դուրս բերուած է 82 մարդու դի, որոնք գտնուած էին նաւակին վրայ: Նաւաբեկութենէն փրկուած 3 ուղեւորները յայտնած են Թունիսի առափնեայ անվտանգութեան աշխատակիցներուն, որ նաւակին մէջ ընդհանուր առմամբ 86 մարդ եղած է:

Յիշեցնենք, որ ապօրինի ներգաղթեալներով լի նաւը խորտակուած էր 4 յուլիսին: Ձկնորսական նաւերը փրկած էին ուղեւորներէն միայն 4-ը, որոնցմէ մէկը աւելի ուշ հիւանդանոցին մէջ մահացած էր: Միւս 82 ուղեւորները անհետ կորած համարուած էին: Ողջ մնացածները Մալիի քաղաքացիներ են: