image

Թուրքիա մտադիր է նոր գործողութիւն կատարել Իրաքի քիւրտերուն դէմ

Թուրքիա մտադիր է նոր  գործողութիւն  կատարել  Իրաքի  քիւրտերուն դէմ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Շաբաթ օր յայտարարած է, որ Իրաքի Հիւսիսային մասին մէջ  նոր ռազմական գործողութիւններ պիտի կատարէ, այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍը:

«12 յուլիսին ժամը 22:00ին, Իրաքի Հիւսիսային մասին մէջ, մեր յատուկ նշանակութեան ջոկատները հրետանիի եւ ՌՕՈՒ աջակցութեամբ սկսած են նոր՝ «Թաթ-2» գործողութիւնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նաեւ նշուած է, որ գործողութեան կը մասնակցին ցամաքային ռազմական սարքեր Տ129 ԱՏԱԿ մարտական ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: «Թաթ-2»-ն ուղղուած է Իրաքի Հաքուրք շրջանի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու թաքստոցներու ոչնչացման»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: 

28 մայիս, 2019 թուականին Թուրքիոյ  ԶՈՒ-ն յայտարարած էր Իրաքի Հիւսիսային մասի մէջ  «Թաթ» անուանումով խոշորածաւալ ռազմական գործողութեան մասին: Այս ընթացքին թուրք զինուորականները չէզոքացուցած էին Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան աւելի քան 60 անդամներու, որուն Անգարան ճանչցած էր որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Թուրքիոյ զինուորականները պարբերաբար կէտային հարուածներ կը հասցնեն Իրաքի Հիւսիսային մասին մէջ  PKK-ի կառոյցներուն: Արտասահմանային այսպիսի գործողութիւններ կայացնելու թոյլտւութիւնը կը տրամադրէ Թուրքիոյ խորհրդարանը: