image

Ռուսաստան պատրաստ է Թուրքիան մատակարարել Սու-35ով

Ռուսաստան պատրաստ է Թուրքիան մատակարարել Սու-35ով

Ռուսական «Ռոս;եխ» պետական ընկերութիւնը պատրաստ է Թուրքիոյ մատակարարելու Սու-35 կործանիչներ՝ թրքական կողմի համապատասխան ցանկութեան պարագային: Այս մասին յայտարարած է պետական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Չեմեզովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Եթէ մեր թուրք գործընկերները նման ցանկութիւն յայտնեն, ապա մենք պատրաստ ենք»:

Նախապէս, Սպիտակ տան մամուլի խօսնակը գրաւոր կերպով յայտնած էր, որ Թուրքիոյ որոշումը՝ գնել ռուսական S-400 զէնիթահրթիռային համակարգեր, անկարելի կը դարձնէ անոր յետագայ մասնակցութիւնը 5-րդ սերունդի F-35 կործանիչներու ստեղծման ծրագրին:

ԱՄՆի  ռազմական գերատեսչութեան՝ Փենթակոնի ղեկավարի գնումներու հարցերու տեղակալ Էլեն Լորտը յայտնած էր, որ Թուրքիան առանց F-35 ծրագրի կը զրկուի 9 միլիառ տոլարի ներդրումներէն:

ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ գնումը, ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, հրահրած է միջազգային ճգնաժամ. ԱՄՆ կը պահանջէ թուրքիայէն հրաժարիլ գործարքէն եւ ձեռք բերել ամերիկեան Patriot համակարգեր, ապա թէ ոչ Ուաշինկթոնը կը սպառնայ հետեւանքներէն: