image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ. «Հըզպալլա»ի զինեալներ զոհուած են Իրաքի մէջ (Լուսանկար)

Հրատապ. «Հըզպալլա»ի   զինեալներ զոհուած են  Իրաքի  մէջ (Լուսանկար)

Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ու պատկանող զօրանոց մը   ենթարկուած են   յարձակման։

Այս մասին   տեղեկութիւնը  հաղորդեց «Ալ  Արապիա»  կայանը, նշելով նաեւ, որ  զօրակայանը  կը կարեւորուի  անով, որ անոր մէջ տեղակայուած պալիսթեան արդիական  հրթիռներու խարիսխներ։

Աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ գրոհին հետեւանքով զոհուած են «Հըզպալլա» կազմակերպութեան  զինեալներ, որոնք     ապահովական   առաքելութիւն կ՚իրականացնեն  Իրաքի  մէջ։ Կը նշուի նաեւ, որ զօրակայնը կը գործէ   Իրաքի  «Ալ Հաշտ ալ Շապհի»    շիիթ    միլիցին   կողմէ ու անոր մէջ  կան պալիսթեան հրթիռներու տասնեակ  խարիսխներ։

 Մինչ  «Հըզպալլա»ի աղբիւրներ   մինչեւ  այս պահը  լռութիւն կը պահեն եղածին  շուրջ, անդին  «Ալ Արապիա»    հաստատած է լուրը նշելով նաեւ, որ     զօրանոցին  մէջ    հրթիռարձակումներուն հետեւանքով    մեծ հրդեհներ ծագած են։

Ըստ աղբիւրին,  ցարդ ոչ մէկ կողմ   ստանձնած է  եղած գրոհին պատասխանատւութիւնը։