image

Ոչ Յաւելեալ Բանակցութիւններ PKK-Ի Հետ՝ Վճռած Է Էրտողան

Ոչ Յաւելեալ Բանակցութիւններ PKK-Ի Հետ՝ Վճռած Է Էրտողան

 

Թուրքիա- («Հուրրիյէթ Տայլի Նիյուզ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ նախագահ Ռէկէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան այլեւս ոչ մէկ ձեւի շփում պիտի ունենայ քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK)  հետ: Այս մաին յայտնելով «Հուրրիյէթ» նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Էրտողան վճռական որոշում կայացուցած է, փոխան բանակցութիւններու՝ «լուծարել» PKK-ի բոլոր զինեալ խումբերը, անվտանգութեան ծանր գործողութիւններ իրականացնելով անոնց գտնուած շրջաններուն վրայ:

Կը նշուի նաեւ, որ Էրտողան իր խօսքի մէջ PKK-ի փոխարէն օգտագործած է անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութիւն անունը, նշելով, թէ, ոչ անոր իշխանութեան տակ գտնուող կուսակցութիւնը եւ ոչ ալ այլ մարմիններ պիտի ընդունուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, «այդ գործը աւարտուած է», ըսած է ան, դիմելով մեծ թիւով հարեւան տարածքներու գիւղապետրուն (Մուխթար), իր նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հերթական հանդիպման ընթացքին:

Էրտողան նաեւ յայտնած է, որ անոնց պատգամաւորները դատական համակարգի առաջ պատասխան պիտի տան իրենց ըրածի համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ շրջանի բնակիչներուն, որոնց մեծամասնութիւնը քիւրտեր են, Էրտողան նշած է, որ  «մենք մեր ազգին եւ ժողովուրդին հետ պիտի նստինք միայն այն ատեն, երբ մեր անվտանգութեան ուժերը ամբողջապէս չէզոքացնեն շրջանը զինեալ ուժերէ»:

«Հուրրիյէթ» այս ուղղութեամբ կը նշէ նաեւ, որ վերջերս շարք մը դատական հետաքննութիւններ սկսած են՝ կեդրոնացած Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) քիւրտ ղեկավարութեան դէմ, որ Էրտողանի եւ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան (AKP) կողմէ  յաճախ մեղադրուած է  (Pkk)-ի հետ օրկանական կապ ունենալու մէջ: Էրտողանի կառավարութիւնը նաեւ հարաւարեւելեան Անատոլուի մէջ գործող քաղաքապետարանները կը մեղադրէ, նշելով, որ անոնք կ'օգտագործուին PKK-ի կողմէ, որպէս «կազմակերպչական կեդրոններ»:

Թերթը կը նշէ նաեւ, որ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողանը հերքած է կառավարութեան կողմէ  Օճալանի կամ PKK-ի ղեկավարներու հետ գաղտնի բանակցութիւններ վարելու մասին եւ հաստատած, որ անոնց դէմ գոծողութիւնները պիտի շարունակուին հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ: