image

Պէնի Կանց մերժեց Նաթանիահուի առաջարկը

Պէնի Կանց մերժեց Նաթանիահուի առաջարկը

Իսրայէլի «Կապոյտ եւ սպիտակ» դաշինքի ղեկավար Պենի Կանցը մերժած է գործող վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի առաջարկը՝ կազմել միասնութեան կառավարութիւն Նեթանիահուի գլխաւորութեամբ: 

Յիշեցնենք, Իսրայէլի վարչապետ, «Լիքուտ» կուսակցութեան ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր մրցակից «Կապոյտ եւ սպիտակ» դաշինքի ղեկավար, Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակի գլխաւոր շտապի նախկին պետ Պենի Կանցին առաջարկած էր ստեղծել միասնութեան կառավարութիւն:

Վերջին տուեալներու համաձայն՝ Պենի Կանցի դաշինքը 120 տեղանոց Քնեսոթին մէջ ստացած է 33 մանտաթ, Նաթանիահուի կուսակցութիւնը՝ 31:

Արտահերթ ընտրութիւններու պատճառը այն էր, որ 5 ամիս առաջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Նաթանիահուն չէր յաջողած դաշինք ձեւաւորել: