image
Հրատապ լուրեր:

Եթովպիա. Կանխուած է մեծ ահաբեկչութիւն

Եթովպիա. Կանխուած է մեծ ահաբեկչութիւն

Եթովպիայի կառավարութիւնը կանխած է խոշոր ահաբեկչութիւններու շարքը` ձերբակալելով «Իսլամական պետութիւն» եւ «Ալ-Շապապ» ահաբեկչական խմբաւորման անդամներ: Այս մասին կը յայտնէ TACC գործակալութիւնը:

«Ահաբեկչական խմբաւորումը կը նախապատրաստուէր յարձակումներ իրականացնել հիւրանոցներու եւ Ատիս Ապապայի մէջ գտնուող շարք մը շինութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութիւն կը նախատեսուէր այն վայրերու մէջ, ուր  պիտի նշուէին կրօնական տօներ»,- գրուած է Եթովպիայի Ազգային հետախուզութեան եւ անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ձերբակալութիւնները իրականացուած են ինչպէս մայրաքաղաքի եւ երկրի հարաւային շրջանին մէջ: Ձերբակալուածներու թւվը չէ նշուած: