image

«Մենք առանձինն կրնանք» Էրտողան դարձեալ ապահովական գօտիին մասին խօսեցաւ

«Մենք առանձինն կրնանք» Էրտողան դարձեալ ապահովական գօտիին մասին խօսեցաւ

Թուրքիան առանձին ալ կրնայ անվտանգութեան գօտի ստեղծել Սուրիոյ մէջ, եթէ չկարողանայ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել ԱՄՆ-ի հետ: Այդ մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, կը գրէ «Ռիա Նովոսթի»ն:

«Մենք հնարաւորութիւն չունինք աւելի սպասելու եւ ոչ մէկ օր: Եթէ մենք ցանկալի արդիւնքի չհասնինք ԱՄՆ-ի հետ, մեր դիմաց այլ բան չի մնար ընելու: Մենք կը պատրաստուինք սահմանի 30 քմ երկայնքով 2 միլիոն սուրիացի փախստականներ բնակեցնել: Մենք կու գնանք մեր սեփական ճանապարհով, եւ արդէն սկսած ենք կատարել որոշ քայլեր»,-ըսած է Էրտողանը՝ Միլլի մէճլիսի նստաշրջանի բացման:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ յաջողութեամբ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու վերաբերեալ: Պաշտօնական Դամասկոսը այն որակած է որպէս միջազգային իրաւունքի խախտում եւ ոտնձգութիւն Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնավարութեան նկատմամբ: