image

Հրատապ. Յարձակում Փարիզի մէկ ոստիկանատան դէմ. Զոհուած են 4 ոստիկաններ

Հրատապ. Յարձակում  Փարիզի   մէկ ոստիկանատան դէմ. Զոհուած են  4  ոստիկաններ

«Ռօյթըրզ»  լրատու   գործակալութիւնը  արագ տրուած  լուրով մը հաղորդեց, որ Փարիզի   կեդրոնական  հատուածին մէջ գտնուող ոստիկանատան  վրայ եղած  յարձակումին հետեւանքով   զոհուած են   4  ոստիկաններ։ 

Աղբիւրը  նաեւ   հաղորդեց, որ     գրանցուած  յարձակումին հեղինակը    ոստիկանական    այդ կեդրոնի աշխատակից էր եւ ինք եւս  սպաննուած է։ 

Կը նշուի, որ  Ֆրանսայի նախագահ      Էմանուէլ Մաքրոն  քիչ  առաջ   հասած է  դէպքի վայր։ 

Գրանցուած  գրոհին  դրդապատճառները    տակաւին   պարզ չեն, միայն  թէ կը նշուի, որ յարձակումը  գործուած է դաշոյնով։