image

Քրտական ուժերը դէպի սահման

Քրտական ուժերը  դէպի սահման

 Սուրիոյ հիւսիսային  շրջաններուն  մէջ գործող քրտական  զօրամիաւորումները     այսօր ուղղուած են Թուրքիոյ  հետ  սահմանային գօտիի  շրջաններ։ 

  Այս մասին լուրը  հաղորդեց «Ալ Արապիյա»  կայանը նշելով, որ քրտական ուժերուն  այս    շարժումը  կը կատարուի Անգարայի կողմէ լսելի դարձած  սպառնալիքներէն  անմիջապէս  ետք։ 

Կը  նշուի նաեւ, որ  շրջանին մէջ գործող  քրտական  բոլոր զօրամիաւորումները  եռօրեայ  ահազանգային    վիճակ մը յայտարարած են եւ  պատրաստ   են ամէն գնով պաշտպանել  իրենց  դիրքներն ու   այդ շրջաններուն մէջ ապրող  բնակչութեան  անվտանգութիւնը։