image

Սուրիոյ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյց

Սուրիոյ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյց

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Անատոլու»-ն:

«Մեր նախագահը քննարկած է Վլատիմիր Փութինի հետ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ սպասուող գործողութիւնները: Էրտողանը նշած է, որ այդ գործողութիւնը մեծ ներդրում պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին եւ ճանապարհ պիտի հարթէ երկրին մէջ քաղաքական կարգաւորման գործընթացի համար»,-ըսուած է նախագահի աշխատակազմի հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին այս իրավիճակին մէջ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելու համար:   

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող տարածքներու ինքնավար վարչակազմը չորեքշաբթի համընդհանուր զօրաւավաք յայտարարած է, կապուած Թուրքիոյ ԶՈՒ-ի վերահաս ռազմական գործողութիւններու սպառնալիքի հետ: