Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ թէժ մարտերը կը շարունակուին։ Քրտական YPG-ի մարտիկներ կը շարունակեն ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տալ թրքական բանակին, ինչպէս նաեւ Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող ՝ «Ժայշ Ուաթանի»ին։
YPG-ի մօտիկ կանգնած աղբիւր մը, որ այսօր առաւօտ խօսած է «Ալ Արապիա» կայանին յայտնած է, որ քրտական YPG-ի զոհերուն թիւը հասած է 74-ի։
Աղբիւրը այդ կերպ կը հերքէ թրքական կողմէ կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները, ըստ որոնց անցնող երեք օրերուն ընթացքին զոհուած քիւրտ մարտիկներուն թիւը հասած է 470-ի։