image

«Ձեզի 72 ժամ կու տամ». Հարիրի չհարաժարեցաւ

«Ձեզի 72 ժամ կու տամ». Հարիրի չհարաժարեցաւ

«Լիբանանը կ՚անցնի դժուարին պահերէ եւ երկրի արտաքին պարտքը սկսած է ծանր բեռ դառնալ մեր պետութեան վրայ» քիչ առաջ այս խօսքերով հանդէս գալով Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի  յայտնեց, որ իր գործընկերներուն 72 ժամ կու տայ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց մօտեցումները ու նաեւ ընթացք տալու բարեփոխումներու իր ծրագրին։

Հարիրի, որ  մերժեց անուններ տալ նաեւ  յայտնեց,  որ   քիչ  չեն այն կողմերը, որոնք  ուրախ են այսօր Լիբանանի  մէջ  ստեղծուած  իրավիճակէն։

Նշենք, որ Հարիրիի խօսքին զուգահեռ երկրի  տարբեր շրջաններու  մէջ բողոքի  ցոյցերը  կը շարունակուին։

Կարգ մը մայրուղիներ կը շարունակեն մնալ փակ եւ հազարաւոր ցուցարարներ կը պահանջեն Վարչապետ Հարիրիի ու անոր կառավարութեան հրաժարականը։