image

Լիբանանեան բանակը պաշտպանեց ցուցարարները (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան   բանակը  պաշտպանեց ցուցարարները (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան  բանակի  ստորաբաժանումներ,  տարածուելով  Պէյրութի   կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, պաշտպանած են      հազարաւոր ցուցարարները։ 

Այս  մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց     լիբանանեան   «Ալ Ժումհուրիյա»  պարբերականի   կայքը։ 

Աղբիւրը նաեւ  ցուցադրեց (տեսնել ներքեւը)  կարճ  տեսանիւթ մը,  ուր  յստակօրէն կ՚երեւին,  բանակի    իրականացուցած  ապահովական  քայլերը։

Նոյն աղբիւրը  նաեւ հաղորդած է, որ   «մոթոսայքըլ»ի  վրայ եղող  հարիւրաւոր  երիտասարդներ,   որոնք   պարզած են յատկապէս «Ամալ»  կուսակցութեան դրօշները, փորձած են  խժդժութիւններ  կատարել եւ     մօտենալ  ցուցարարներուն, բան մը որ խոր   մտավախութիւններ  դուռ  բացած է։ 

Բանակի  գերագոյն  հրամանատարութիւնը, հետեւելով    ընթացող  գործընթացներու   իր  բոլոր  ճիգերը      գործադրած է ապահովելու համար     խաղաղ  ցուցարարներուն  անվտանգութիւնը։ 

Իրավիճակը  այս  պահուն  վերահսկելի է   մայրաքաղաք  Պէյրութի եւ այլ  շրջաններու մէջ,   այնուամենայնիւ    յստակ է, որ  անյայտ   կողմեր կը  փորձեն տարբեր  թեմաներու առնչուող սուտ   լուրեր եւ  տեղեկութիւններ  տարածել՝   յղում  կատարելով   միջազգային  վարկ ունեցող գործակալութիւններու։