image

Նախագահ Ասատ քննադատեց Էրտողանի քայլերը

Նախագահ Ասատ քննադատեց Էրտողանի քայլերը

Կազմաւորումները, որոնք կը պատկանին «Ժողովրդավարական միութիւն» քրտական կուսակցութեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանին Սուրիա ներխուժելու առիթ տուած են, սակայն սա չի նշանակեր, որ այդ գործողութիւնները օրինական են: Սուրիոյ մէջ Թուրքիան անօրինական կը գործէ բոլոր առումներով: Այս մասին RT-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը:

«Էրտողանն ունի իր օրակարգը, որ երկու մասէ կը բաղկանայ. անոնք են՝ իր սեփական նպատակները՝ կապուած «Իսլամական եղբայրներու» հետ, ինչպէս նաեւ որպէս ԱՄՆ-ի մարիոնէթ իր առջեւ դրուած խնդիրները: Միեւնոյն ժամանակ, կազմաւորումները, որոնք կը պատկանին «Ժողովրդավարական միութիւն» քրտական կուսակցութեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանին Սուրիա ներխուժելու առիթ տուած են: Էրտողանն այստեղ անօրինական կը գործէ բոլոր առումներով, սակայն ատոր համար առիթը ապահոված են»,- ըսած է Ասատ:

Ան յիշեցուցած է, որ Էրտողանը տարիներով խօսած է Սուրիոյ հիւսիս ներխուժելու մտադրութեան ու «ահաբեկիչներէն» շրջանը մաքրելու մասին՝ նկատի ունենալով «Ժողովրդավարական միութեան» հետ կապ ունեցող քրտական կազմավորումները:

«Անոնք Էրտողանին առիթ տուած են: Այդ է տեղի ունեցածը: Այնպէս որ, անոնք մեղաւոր են, եւ որպէս արդիւնք՝ Էրտողանը ներխուժում իրականացուց»,- աւելցուցած է Ասատը:

Յիշեցնենք, որ 9 հոկտեմբերին Թուրքիան յայտարարած է Սուրիոյ մէջ «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութիւններու սկիզբի մասին: Նպատակը «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելն է, որ պէտք է պաշտպանիչ գօտի հանդիսանայ թրքական սահմանի համար: SANA գործակալութիւնը գործողութիւնները յարձակում անուանած է, միջազգային հանրութիւնը դատապարտած է Անգարայի գործողութիւնները: