image
Հրատապ լուրեր:

Զինեալ ընդհարում Թրիփոլիի մէջ. Կան տուժածներ (Վիտէօ)

Զինեալ ընդհարում Թրիփոլիի մէջ. Կան տուժածներ (Վիտէօ)

Երէկ    գիշեր  զինեալ ընդհարում   տեղի ունեցած է Լիբանանի   Թրիփոլի  քաղաքին  մէջ։ Այս մասին  լուրը  հաղորդեց Lebanon 24  կայքը։  Աղբիւրը նաեւ  նշած է, որ  անհատական վէճի հետեւանքով    ընթացք  առած  կրակոցը  պատճառ  դարձած է  երեք անձերու վիրաւորման,  որմէ ետք ալ  վիրաւորեալներէն մէկը   մահացած է։

Կը  նշուի, որ  մահացածը     Հասուն ընտանիքէն է  ու  նաեւ անոր հետ գտնուող վիրաւորները։

Ապահովական մարմիններ տարածուած են  շրջանին  մէջ եւ   կը կատարուի հետաքննութիւն։