image

Ալճերիացիք այսօր նախագահ պիտի ընտրեն

Ալճերիացիք այսօր նախագահ պիտի ընտրեն

Ալճիրի մէջ այսօր՝ հինգշաբթի, պիտի կայնանան նախագահական ընտրութիւնները, որոնք կոչուած են վերջ տալու ձգձգուած եւ չափազանց սուր հասարակական-քաղաքական ճգնաժամին: Անոնց արդիւնքներով յայտնի պիտի դառնայ երկիրը 20 տարի կառավարած եւ 2019 թուականի ապրիլին հրաժարական ներկայացուցած նախկին նախագահ Ապտուլազիզ Պութաֆլիքայի յաջորդի անունը, կը փոխանցէ ԹԱՍՍ-ը:

Յատուկ ստեղծուած Անկախ ազգային ընտրական մարմնի տուեալներով, որ կ'իրականացնէ ընտրութիւններու ընդհանուր ղեկավարումն ու վերահսկումը, աւելի քան 24,4 մլն ալճերացիներ իրաւունք ունին իրենց ձայնը տալու թեկնածուներէն մէկուն: Երկրի ամբողջ տարածքին ընտրական գործընթացի ապահովման համար բացուած են 61 հազարէն աւելի ընտրական տեղամասեր: