image

«Եթէ շարունակեն, ծանր հարուած կը ստանան ...» Ռուհանին ՝ ամերիկացիներուն

«Եթէ շարունակեն, ծանր հարուած կը ստանան ...» Ռուհանին ՝ ամերիկացիներուն

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ պիտի ըլլայ վրէժ լուծելու Միացեալ Նահանգներէն, եթէ ԱՄՆ-ն «անգամ մը եւս յանցանք գործէ»: CNN-ի փոխանցմամբ՝ նման յայտարարութեամբ Ռոհանին հանդէս եկած է կառավարութեան նիստի ժամանակ:

«Եթէ Ամերիկան յանցագործութիւն կատարէ, անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան անոնք մեզ կը սպառնան, պէտք է իմանայ, որ մենք վճռականօրէն պիտի գործենք, ինչպէս արդէն ցոյց տուած ենք: Այսուհետ, եթէ Ամերիկան ցանկանայ անգամ մը եւս յանցագործութիւն կատարել, թող իմանայ, որ աւելի ուժեղ պատասխան պիտի ստանայ»,- ըսած է Իրանի նախագահը:

Վերջինս աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ն պէտք է վերջ տայ աշխարհի խնդիրներու համար Իրանը մեղադրելու փորձին: «Եթէ ԱՄՆ-ն պարզէ, որ աշխարհի մէջ ինչ-որ տեղ խնդիր ունի, մի՛ ըսէք, որ այն Իրանի ձեռքի գործն է: Եթէ վաղը մէկ այլ երկրի մէջ ինչ-որ բան տեղի ունենայ, ամերիկացիները կ'ըսեն, որ այն Իրանի վարձու ուժերու գործն է: Մենք վարձու ուժեր չունինք: Ամերիկացիները սկիզբէն արդէն սխալած են այդ հարցին մէջ»,- աւելցուցած է Ռոհանին:

Ռոհանին ուշադրութիւն հրաւիրած է տարածաշրջանին մէջ զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի դերակատարութեան՝ ըսելով. «Ամերիկացիները պէտք է իմանան, որ Սուլայմանին մեծ դեր կատարած է Եւրոպայի, արեւմուտքի եւ անգամ Ամերիկայի համար: Եթէ այդ հերոսը չըլլար, որ կը պայքարէր ահաբեկչութեան դէմ, նոյնիկ Եւրոպան անվտանգ չէր ըլլար»: