image

«ՆԱԹՕ»ն մտադիր է իր ներկայութիւնը ամրացնել Սեւ Ծովուն մէջ

«ՆԱԹՕ»ն  մտադիր է իր ներկայութիւնը ամրացնել Սեւ Ծովուն մէջ

ՆԱԹՕ-ն Սեւ ծովը կը համարէ իրեն համար ռազմավարական առումով կարեւոր տարածաշրջան եւ մտադիր է ամրացնել իր ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպըրկը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Սեւ ծովը ՆԱԹՕ-ի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Դաշինքը մտադիր է շարունակել այդ տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութեան ամրացումը: ՆԱԹՕ-ի 3 երկիրներ Սեւ ծովու ափամերձ պետութիւններ են՝ Թուրքիան, Պուլկարիան եւ Ռումինիան, եւս երկու երկիր՝ Վրաստանն ու Ուքրանիան, ՆԱԹՕ-ի արժէքաւոր գործընկերներ են»,- ըսած է ան:

Այդ կապակցութեամբ Սթոլթենպըրկը յիշեցուցած է, որ ՆԱԹՕ-ն անցեալ տարի նպաստած է Ուքրանիոյ մէջ ծովային ռազմական ակադեմիայի բացման, ինչպէս նաեւ խոստացած է զօրավարժութիւններ իրականացնել գործընկեր պետութիւններու հետ: