Թեհրանէն Քիէւ թռիչք կատարող օդանաւը վար առնուած է սխալմամբ։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը յղում կատարելով իրանեան պաշտօնական աղբիւրներու։
Նոյն աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ դէպքը պատահած է այն պատճառով, որ օդանաւը շատ մօտէն սաւառնած է Թեհրանի մէջ եղող «Ալ Քուտս» ջոկատի մատոյցներէն։
Յիշեցնենք, որ ինչպէս աւելի վաղ գրած էինք դէպի Քիէեւ թռիչք Boeing 747 իրականցնող օդանաւուն վրայ կային 176 ուղեւորներ, որոնք բոլորն ալ զոհուեցան դէպքին հետեւանքով։