Պետքարտուղար Մայք Փոմփէօն եղած է Տանըլտ Թրամբի՝ բարձրաստիճան իրանցի զօրավարը սպանելու որոշման շարժիչ ուժը, կը տեղեկացնէ CNN-ը՝ յղում կատարելով աշխատակազմին մէջ ունեցած աղբիւրներուն։ Այդ գործողութիւնը բարձր հաւանականութեամբ ցոյց կու տայ Փոմփէոյի կարգավիճակը որպէս ազգային անվտանգութեան ոլորտի ամենաազդեցիկ պաշտօնեայ Թրամբի աշխատակազմին մէջ։
Իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանին «մարտադաշտէն» հանելը Փոմփէոյի նպատակն էր վերջին 10 տարիներուն, ըսած են աղբիւրները, որոնք կը հաւաստիացնեն, որ Սուլայմանիի սպանութիւնը Փոմփէոյի գաղափարն էր։
Պետքարտուղարն այնքան կեդրոնացած էր իրանցի զօրավարին վրայ, որ նոյնիսկ կը փորձէր Իրանի վիզա ստանալ 2016-ին, երբ քոնկրէսական էր։
Փոմփէօն Ուեսթ Փոյնթի շրջանավարտ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծառայող շատ ընկերներ ունի, եւ կը կարծէր, որ Սուլայմանիի ձեռքերուն է հարիւրաւոր ամերիկացի զինուորներու արիւնը։
Աղբիւրը CNN-ին տեղեկացուցած է, որ Փոմփէօն ընկերներուն ու գործընկերներուն ըսած էր, թէ «չի հեռանար պետական ծառայութենէն, մինչեւ որ Սուլայմանին դուրս չգայ մարտադաշտէն»։