image

Լիբանանի մէջ. Նոր կառավարութեան կազմութիւնը «ջուրը ինկա՞ւ»

Լիբանանի մէջ. Նոր կառավարութեան  կազմութիւնը «ջուրը ինկա՞ւ»

Լիբանանի   նոր կառավարութեան կազմութիւնը կը յամենայ։

Լիբանանեան  լրատուական  աղբիւրներ,  այս  առաւօտ  վերլուծական  բնոյթի   նիւթեր հրապարակելով, նկատել   կու տան, որ     նախագահ  Աունի կողմէ նշանակուած  եւ կառավարութիւն  կազմելու կոչուած   Հասսան Տիապ կը դիմագրաւէ բաւական  մեծ  դժուարութիւններ ՝   կապուած  կառավարութեան կազմութեան։

Կը նշուի նաեւ,  որ  յատկապէս զօր.   Քասէմ  Սուլայմանիի  սպանութեան դէպքէն  ետք  երկրին  մէջ   առկայ բոլոր  քարտերը   իրար  խառնուած են եւ  խնդրին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող    կողմեր     եկած են  այն եզրակացութեան, որ կառավարութեան մէջ   պէտք է ներգրաւուին  քաղաքական    դէմքեր, բան մը որ  նոր բարդութիւններ  ստեղծած է  վարչապետ Տիապին  համար։

Միւս  կողմէ  եւ   յատկապէս քաղաքական մակարդակներու  վրայ,   լսելի  սկսած են դառնալ    խօսակցութիւններ ըստ որոնց     քիչ  չեն  յոյսերը, որ հրաժարեալ   վարչապետը  վերստին ստանձնէ    վարչապետութեան  պաշտօնը։

Ի դէպ     վերջերս   Փարիզ  մեկնած     հրաժարեալ  վարչապետ Սաատ Հարիրի   այս  օրերուն  Պէյրութ  պիտի ժամանէ   եւ ստանձնէ   հրաժարեալ կառավարութեան   ղեկավարի    պարտականութիւնները:

Միւս կողմէ  նախագահ  Աունի մօտիկ աղբիւրներ   կը նշեն, որ Հարիրիի  անուան    արծարծումը  բաւական  դժուար   ընտրանք է, մանաւանդ  որ      անոր եւ նախագահ Աունին միջեւ լարուածութիւն  ստեղծուած էր յատկապէս Հարիրիի   հրաժարականի  փուլէն  ետք,   երբ Հարիրի մի քանի առիթներով խոստացած էր  ստանձնել     վարչապետի  պաշտօնը, ապա       ձեւով մը դրժած  էր իր խոստումները։

Այս  առումով ալ,  ըստ  VDL   կայանին,   նախագահ Աուն  այսօր հանդիպում պիտի ունենայ  սիւննի  ազդեցիկ  գործիչ  Ֆուատ Մախզումիին հետ եւ չի բացառուիր,  որ    նախագահը    նոր խորհրդակցութիւններու  անցնի  վարչապետի նոր անուան մը  շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու  նպատակով։

Այս բոլորին մէջ  սակայն   կարեւորն  այն է, որ գործող   վարչապետ Հասսան Տիապ ներկայացնէ իր հրաժարականը։