image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին ժամ. Լարուած իրավիճակ Պէյրութի «Համրա» փողոցին մէջ

Վերջին ժամ. Լարուած իրավիճակ Պէյրութի «Համրա» փողոցին մէջ

Աւելի  քան երկու ժամէ  ի վեր լարուած  իրավիճակ կը տիրէ  Պէյրութի  «Համրա»   թաղամասին մէջ։

Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ   LBCI  կայանը, որ նաեւ կը տեղեկացնէ,  թէ մեծ  թիւով ցուցարարներ  փորձած են         խուլիկանական արարքներ կատարել եւ կոտրել  կարգ մը խանութներու եւ   դրամատաուներու ցուցափեղկերը։

Ապահովական   մարմիններ, որ  կը փորձեն   իրավիճակը դարմանել  ենթակայ  կը դառնան     գրոհներու եւ ցուցարարներ քարեր եւ արցունքաբեր կազ կ՚արձակեն  ապահովական  միաւորներուն վրայ։

Մեծ  թիւով  ցուցարարներ    կը գտնուին   Պէյրութի Կեդրոնական Դրամատան  գլխաւոր շէնքին շուրջ   ու այնտեղ   եւս բախումներ  կը գրանցուին։

Ցուցարարները կը պահանջեն  Կեդրոնական   Դրամատան   կառավարիչ  ՝ Ռիատ Սալամէի հրաժարականը  զինք համարելով երկրին մէջ ծաւալ ստացած դրամական  անկումին հիմնական  պատասխանատուն։

Յիշեցնենք, որ  այսօր  իրադրութիւնը լարուած էր Պէյրութի մէջ, երբ մեծ  թիւով ուսանողներ եւ երիտասարդ  ցուցարարներ  փողոց  իջնելով կրկին անգամ  յիշեցուցին իրենց պահանջներուն մասին,  յայտարարելով, որ իրենց համար   գլխաւոր   պահանջն է    կազմել ոչ քաղաքական գործիչներու- թեքնոքրաթ  կառավարութիւն մը։

17   Յունուարին     կը լրանայ Լիբանանի մէջ  ծայր  առաջ   բողոքի ցոյցերուն 3-րդ ամիսը։