image

Ծանր լուրեր Իտլիպէն. Սուրիոյ բանակի 40 զինուորներ սպաննուած են

Ծանր լուրեր  Իտլիպէն. Սուրիոյ բանակի  40   զինուորներ սպաննուած են

 Իտլիպի ծայրամասերուն ընթացող մարտերու  ընթացքին  Սուրիոյ բանակը մեծ  կորուստներ ունեցած է։

  Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա»  լրատուական  կայքը նշելով, որ  անցնող   ժամերուն    Սուրիոյ բանակի    40   զինուորներ  զոհուած են,  իսկ վիրաւորներուն  թիւը հասած է 80-ի։

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ մարտերը     մինչեւ   այս պահը կը շարունակուին. Եւ   հակառակ իր կրած    կորուստներու  Սուրիոյ բանակը վճռական է    դէպի  Իտլիպ ընթացք առած  իր գործողութեան առընթեր։