image

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը կը վստահեցնէ. «Մեր դրամատուները սնանկութեան պիտի չերթան»

Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը  կը վստահեցնէ. «Մեր դրամատուները   սնանկութեան  պիտի չերթան»

Լիբանանի  Կեդրոնական   Դրամատան  կառավարիչ  Ռիատ  Սալամէ     հաւաստած է,   որ Լիբանանի  բոլոր դրամատուները  կանգուն  պիտի մնան։

Սալամէ, որ  հարցազրոյց մը տուած է, նշած  է, որ   Լիբանանի  մէջ   տագնապի   սկիզբէն շատ խօսուեցաւ  այն մասին, որ դրամատուները վտանգուած են, սակայն  իրենք  որպէս   Կեդրոնական Դրամատուն   ամէն  ճիգ ի գործ  դրած են՝ պահպանելու համար դրամատուները։

Սալամէ  նաեւ նշեց, որ   հակառակ անոր, որ   երկիրը   դժուար  վիճակէ մը կ՚անցնի,     իրենք կը վստահեցնեն, որ  բոլոր դրամատուները  այս  դժուար փուլը  պիտի անցընեն  եւ  կանգուն   պիտի մնան։

Ըստ  Սալամէյի խօսքին,   դրամատուներու  կանգուն մնալը չափազանց  կարեւոր է, որովհետեւ   այդ կերպ     ալ   կարելի կըլլայ  ապահովել    մեծ թիւով   լիբանանցիներու   երկար տարիներու ընթացքին     հաւաքած   գումարներն ու աւանդները։

Յիշեցնենք, որ   հակառակ անոր, որ  պետական մարմիններ   ամերիկեան տոլարին համար   հաստատած  են             1515  լիրայի սակագին մը,  ելեւմտական շուկաներուն մէջ  այն   կը  շրջանառուի  շուրջ     2200  լիրա սակագինով։