image
Հրատապ լուրեր:

Մոլեգնած «Քորոնա»ն կը շարունակէ զոհեր հնձել. Զոհերու թիւը անցաւ 300-ը

Մոլեգնած  «Քորոնա»ն կը շարունակէ   զոհեր հնձել.  Զոհերու թիւը անցաւ  300-ը

Առաջին անգամ    Ուհան  քաղաքին մէջ  յայտնաբերուած «Քորոնա»  ժահրը  կը շարունակէ     մոլեգնիլ։

 Այսօր հրապարակուած  տուեալներուն համաձայն   ժահրին հետեւանքով       մահացածներուն  թիւը   հասած է 304-ի։

Այս  մասին տեղեկութիւնը  կը  հաղորդէ  Lebanon 24   կայքը  նշելով   նաեւ,  որ    ասյօր        հաստատուած  է «Քորոնա»   վարակով  տառապող    եւ Չինաստանէն  դուրս  գտնուող  առաջին  հիւանդին մահուան  լուրը, որ  գրանցուած է Ֆիլիփեան  կղզիներուն մէջ։

 Կը նշուի նաեւ,  որ «Քորոնա»  վարակը կրողներուն   թիւին մէջ մեծ    աճ  գրանցուած է    Չինաստանի Հուպէյ   նահանգին     (վերջին  տուեալներուն համաձայն Հուպէյի  մէջ վարակակիրներուն  թիւը անցած է  1900-ը)  մէջ։

 Նշենք,  որ  այս   լուրերուն  կողքին   հետզհետէ   կը շատնայ  թիւը այն երկիրներուն, որոնք    դէպի Չինաստան   իրենց թռիչքները  կ՚առկախեն ու նաեւ կը  կազմակերպեն Չինաստան   գտնուող իրենց քաղաքացիներուն տարհանումը։