image

Թրամբ յաղթանակ տարած է Այոուա նահանգին մէջ

Թրամբ յաղթանակ տարած է Այոուա նահանգին մէջ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբն Այոուայի մէջ հանրապետականներու ժողովին (քոքուս) ամենաշատ ձայները հաւաքած է, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը` յղում տալով Հանրապետական կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղի տարածած յայտարարութեան: 

Ընդհանուր առմամբ, ընտրողներու ժողովին քուէարկած է 31 386 մարդ: Թրամբը ստացած է 30,5 հազար ձայն կամ ձայներու 97 տոկոսը: Ուիլիըմ Ուելտը ստացած է 401 ձայն, Ճո Ուոլշը` 341, իսկ մնացած թեկնածուներ միասին՝ 144 ձայն:

Փաստացի, առաջնային ընտրութիւններուն Թրամբի մրցակիցներն են Մասաչուսեթս նահանգի նախկին նահանգապետ Պիլ Ուելտը, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին պատգամաւոր Ճո Ուոլշը եւ գործարար Ռոքի տե լա Ֆուենթէն, սակայն անոնք աշխոյժ քարոզարշաւ չեն իրականացներ եւ չեն յաւակնի յաղթանակի:

Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս աջակցած է երկրորդ ժամկէտով Թրամբի վերընտրութեան:

ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարուայ նոյեմբերին: