image

Հըրմէլ շրջանին մէջ. Կրակ բացուած է լիբանանեան բանակի շարասիւնին դէմ. Կան 3 զոհեր

Հըրմէլ շրջանին մէջ.  Կրակ  բացուած է   լիբանանեան բանակի  շարասիւնին դէմ. Կան  3   զոհեր

Ապահովական  միջադէպ մը գրանցուած է Լիբանանի  Հըրմէլ  գաւառակին մէջ,  երբ կասկածելի  տարրեր  կրակ բանալով    սպաննած են   բանակի  երեք  զինուորականներ։

 

  Մեղադրեալ  որոնելու նպատակով   Հըրմէլ շրջանէն անցնող  բանակի  զօրասիւնը, որ կարողացած էր   յանցագործ   տարրեր  նկատել   անակնկալի  գալով   կրակի  թիրախ  դարձած է   եւ նոյնպէս   կարողացած է սպանել    յանցագործ  տարրերէն մին։

 

 Աւելի ուշ     Լիբանանեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը    մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է եղածին վերաբերեալ  եւ հրապարակած է    զոհուածներուն անունները. Բանակի  զոհերն են՝

 Ահմատ  Հայտար,   Ահմատ Հասան Ըզ  Ալ Տին եւ   Սամէր Ուահպէ։

 

 Միջադէպին  հետեւանքով լարուած  դրութիւն  տիրած է    շրջանին մէջ, որ յայտնի է ապօրինի  գործերով եւ յանցագործներով  լեցուն   շրջան մը ըլլալու հանգամանքով։

 Քաղաքական     դաշտի մէկէ  աւելի  բարձրաստիճան  պատասխանատուներ  դատապարտած են բանակին դէմ ուղղուած   այս  քայլը նկատել տալով, որ բանակը   բոլոր լիբանանցիներուն համար   գերագոյն  արժէք  եւ «կարմիր  գիծ» է։