image

Սուրիոյ բանակը կը յառաջանայ. Ահաբեկիչներ վար առած են բանակին պատկանող ուղղաթիռ մը

Սուրիոյ բանակը  կը  յառաջանայ. Ահաբեկիչներ  վար առած են  բանակին  պատկանող ուղղաթիռ մը

 Մինչ   սուրիական  բանակը կը շարունակէ    առաջանալ   իր տիրապետութեան  տակ  առնելով   Իտլիպի շուրջ  գտնուող  տասնեակ     գիւղաւաններ, ահաբեկիչ  զինեալներ   ճարահատեալ կը  փորձեն դաւադիր  ոճ մը օգտագործելով     վնաս  հասցընել  բանակին։

 

 Այս   մասին տեղեկութիւնը տուած են    Իտլիպի   վերջին զարգացումներուն մասին տեղեկութիւններ  հաղորդող  էջեր, նշելով որ ահաբեկիչ  զինեալներ այսօր  Նէրապ-Քոմինաս  շրջանին   մէջ   վար առած են  Սուրիոյ բանակին պատկանող  ուղղաթիռ մը։

   Դէպքէն անմիջապէս ետք   «Ալ ճազիրա»  կայանը  տարածած է տեսանիւթ մը, ուր  կ՚երեւի, թէ ինչպէս վար առնուած է ուղղաթիռը. աւելի ուշ  ալ տարածուած են   տեսանիւթեր, որոնք ցոյց կու տան ուղղաթիռին  հրկիզուիլն ու անոր անձնակազմին   զոհուած  ըլլալը։

   Ուղղաթիռին մէջ գտնուող      օդաչուներուն մարմինները հրկիզուած են   եւ ներկայացուած  տեսարաններուն  անմարդկային ըլլալուն համար  «Արեւելք»  ձեռնպահ կը մնայ  զանոնք հրապարակելէ։

 

 Կը  նշուի նաեւ, որ  Իտլիպի շրջակայից   հատուածներուն մէջ  ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։