image
Հրատապ լուրեր:

Ապահովական միջադէպ Պէյրութի «Ուզահի» շրջանին ոստիկանատան մէջ. Զոհուած է Գնդ. Ժալալ Շըրէյֆը

Ապահովական միջադէպ Պէյրութի «Ուզահի»  շրջանին  ոստիկանատան  մէջ. Զոհուած է  Գնդ.  Ժալալ  Շըրէյֆը

Ապահովական վտանգաւոր   զարգացումով մը       քիչ առաջ       զոհուած է Լիբանանի ներքին  անվտանգութեան ուժերու սպաներէն ՝ գնդապետ  Ժալալ  Շըրէյֆը։

 

Մանրամասնութիւններուն  մէջ կը նշուի, որ   Պէյրութի   հարաւային   արուարձանի «Ուզահի» շրջանի   ոստիկանատան մէջ, երբ             32 բանտարկեալներ  յաջողած են   խոյս տալ,  իսկ   բանտարկեալներէն  մէկուն  եղբայրը, որ այդ    պահուն կը գտնուէր  ոստիկանատան մէջ փորձած է        ապահովել   իր բանտարկեալ եղբօրը   ազատութիւնը   եւ  նեղ կացութեան  առջեւ  գտնուելով  կրակ   բացած է ոստիկանատան     գլխաւորին՝   գնդապետ  Ժալալ Շըրէյֆի ուղղութեամբ  եւ  տեղն ու տեղը սպաննած  զինք։  Յանցագործի   բացած կրակին հետեւանքով  նոյնպէս զոհուած է զինուորական մը։

   Ոճիրը գործելէն ետք  յանցագործը   կրակ բացած է ինքիր վրայ ու    անձնասպան եղած։

 

  Դէպքէն  ետք  ապահովական  մարմինները եւ մինչեւ այս պահը     ապահովական     միջոցառումներ կը կատարեն   ոստիկանատան շուրջ եւ ըստ  MTV  կայանին   խոյս տուողներէն    10-ը  ձերբակալուած են, մինչ    22    բանտարկեալներ  կը  մնան   փախուստի մէջ։