image

«Շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք». Լավրով խօսեցաւ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութեանց մասին

«Շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք». Լավրով խօսեցաւ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութեանց մասին

Ռուսաստանն ու Թուրքիան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին, սակայն այդ չի նշանակեր, որ երկու երկիրները ամէն ինչի մէջ պէտք է համաձայն ըլլան, յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավար Սերկէյ Լաւրովը, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

«Մենք Թուրքիոյ հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք։ Այդ չի նշանակեր, որ մենք պէտք է ամէն ինչի մէջ համաձայնինք»,- ըսած է նախարարը՝ ելոյթ ունենալով Միւնխէնեան համաժողովին:

«Ես ընդհանրապէս կը կարծեմ, որ ոչ մէկ խնդրի շուրջ լիակատար համաձայնութիւն չի կրնար ըլլալ որեւէ երկու երկիրներու միջեւ։ Եթէ նման բան կայ, այդ արդէն քիչ մը կը յուշէ ճնշման մթնոլոտի մասին, որու հետեւանքով ալ նման համաձայնութիւն կ'առաջանայ»,- նշած է ՌԴ ԱԳ նախարարը։