image
Հրատապ լուրեր:

«Իտլիպը անպայման պիտի ազատագրենք» Ասատ «ձայնային դատարկ փուչիկ» կը համարէ թրքական նկրտումները

«Իտլիպը անպայման պիտի ազատագրենք» Ասատ  «ձայնային դատարկ փուչիկ»  կը համարէ  թրքական  նկրտումները

Սուրիոյ  Արաբական Հանրապետութեան  նախագահ  Պաշար Ասատ երէկ  տեսագրուած  խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ  անդրադարձաւ  վերջին զարգացումներուն ու  մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքի ազատագրման  փաստին։

Ասատ  նշեց, որ   Հալէպի    մէջ եղած  դէպքերն ու     գրանցուած    յաղթանակը     ճիշդ է,  որ    ճակատամարտի մը յաղթանակն են, սակայն  Սուրիոյ մէջ  պատերազմը   դեռ  չէ  աւարտած։  

Նախագահ Ասատ  ներկայացնելով    այն փուլերը,  որմէ  անցաւ Հալէպը մասնաւորապէս շեշտեց,  որ Հալէպի մէջ եղան մեծ ու  կարեւոր ձեռքբերումներ,   կարեւորելով    առաջիկայ  փուլը, որ իր կարծիքով Հալէպի ամբողջական վերականգնման  փուլը պիտի դառնայ։

Ան    այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ.  «Մենք Հալէպի  մէջ  յաղթեցինք  վախին, որ  փորձեցին    ցանել մեր սրտերուն մէջ,    յաղթեցինք  ոխին, դաւաճանութեան եւ բոլոր անոնց որ այդ  գաղափարները  կը տարածեն։Այս  յաղթանակը   վերջնական  յաղթանակ չէ, ահաբեկչութեան   դէմ   մեր տարած   պայքարին   ամբողջական յաղթանակը չէ,   բայց  վստահօրէն այս  յաղթանակը     մեր  թշնամիները   ծունկի   բերելու (բառացիօրէն անոնց   քիթերը   աւազին մէջ  կոխելու)   յաղթանակն է,  եւ   վստահաբար մեր  առաջիկայի       ճակատամարտերուն   համար  ճանապարհ   բանալու եւ ամբողջական  յաղթանակի   առաջնորդնելու  իրական  գրաւն է»,-ըսաւ Ասատ։

Ան   շարունակելով  կարեւորեց      գալիք    քայլերը    եւ հաւաստեց. «Մենք   պիտի շարունակենք մեր պայքարը  եւ վստահ եղէք, որ պէտք է պատրաստ  ըլլանք   Հալէպի գիւղական  հատուածներու եւ Իտլիպի  ազատագրմանը, հակառակ    մեր երկրի     հիւսիսէն    յաճախ   արձակուող  ձայնային  դատարկ փուչիկներուն»։ 

Հալէպի   դիմադրական ոգին է, որ   պիտի  յաղթէ  եւ   դառնայ   Սուրիոյ ճարտարարուեստի  յաղթանակի   խորհրդրանիշ։

Ասատ  իր խօսքի աւարտին ողջունեց  Սուրիոյ  բանակն  ու  յարգանքի մեծ  խօսք  ուղղեց   բանակի նահատակներուն  եւ ընտանիքներուն եւ ըսաւ.  «Մեր բանակը  ժողովուրդի   բանակն է եւ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ բանակը կը յաղթանակէ  միայն այն ժամանակ, երբ միաւորուած է իր ժողովուրդին հետ, բան մը որուն ականատեսը եղանք մենք Հալէպի մէջ։ Մենք  այսօր կը խոնարհինք մեր    նահատակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն    առաջ, որովհետեւ   տարուած  յաղթանակը     գրանցուեցաւ  մեր բանակի  հերոսներուն     շնորհիւ։ Ես  կ՚ողջունեմ մեր բոլոր  բարեկամները,  մեր  դաշնակիցներն  ու գործընկերները, որոնք միշտ ալ եղան մեր բանակին  կողքին։  Ես  կը շնորհաւորեմ Հալէպի ժողովուրդը, որուն կամքով ալ կարելի եղաւ    իրականութիւն դարձնել  այս  յաղթանակը ու վստահ եմ, որ բոլորին միահամուռ  ճիգերուն  շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ   գրանցել  վերջնական   յաղթանակը, որն է Հալէպի ամբողջական  վերականգնման եւ վերակառուցման  յաղթանակը»,-եզրակացուց Սուրիոյ նախագահը։