image

Լիպիոյ ցեղապետները դատի պիտի տան Թուրքիան

Լիպիոյ ցեղապետները դատի պիտի տան Թուրքիան

Շեյխերը եւ լիպիական ցեղերու ներկայացուցիչները յորդորած են դիմակայել երկրի մէջ արտաքին միջամտութեան բոլոր ձեւերուն, մասնաւորապէս` թրքական ներխուժման եւ անոր աջակիցներուն, կը յայտնէ Asharq al-Awsat-ը:

Լիպիոյ արեւմտեան Տարհուն քաղաքին մէջ բանակցութիւններու ընթացքին անոնք յայտարարած են Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջազգային դատարաններ հայցեր ներկայացնելու մասին: Անոնք ՄԱԿ-ին կոչ ըրած են ետ կանչելու Լիպիոյ նախագահական խորհուրդի եւ Գերագոյն պետական խորհուրդի իրենց ճանաչումը եւ չճանչնալ որեւէ անձ, որուն Ներկայացուցիչներու պալատը չաջակցիր:

Բացի այդ, անոնք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ըրած են վերացնելու զէնքի էմպարկոն եւ կրկին անգամ յայտարարած են, որ անոնք կը մերժեն որեւէ երկխօսութիւն կամ զինադադարի հաստատումը այնքան ժամանակ, մինչեւ վարձկանները լքեն երկիրը: Հանդիպման մասնակիցները շեշտած են, որ Լիպիան անկախ ինքնիշխան պետութիւն է, որ կը յարգէ մշակութային եւ ազգային բազմազանութիւնը եւ լիպիացիներու միջեւ պատմական կապերը:

Մասնակիցները հաստատած են, որ քաղաքական մեկուսացման մասին օրէնքը պէտք է վերացուի: Ըստ անոնց, դատական հայցեր պիտի ներկայացուին լիպիական ճգնաժամի սրման գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր երկիրներու դէմ, մասնաւորապէս` Թուրքիոյ եւ Քաթարի:

Ինչ կը վերաբերի նաւթային նաւահանգիստներուն, ապա անոնք փակ պիտի մնան այնքան ժամանակ, մինչեւ լիպիացիները յաջողին միասնական կառավարութիւն ձեւաւորել: Անոնք կոչ ըրած են կառավարական հաստատութիւններն արագ կերպով մայրաքաղաքէն դուրս տեղափոխելու, մասնաւորապէս` Լիպիոյ Կեդրոնական բանկը եւ Լիպիոյ արտաքին ներդրումներու ընկերութիւնները:

Աւելին, անոնք կոչ ըրած են ընթացակարգեր իրականացնելու արտերկրի մէջ Լիպիոյ դեսպանատուներուն մէջ նախագահական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն դէմ: Անոնք նաեւ որոշած են լիպիական շեյխերու եւ նշանաւոր գործիչներու խորհուրդ ստեղծել` լիպիական հասարակութիւնը ներկայացնելու եւ երկրին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար: