Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը, Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Հասան Ռոհանին չորեքշաբթի Աստանայի ձեւաչափով հեռավար համաժողով պիտի կայացնեն, որու ընթացքին Սուրիոյ հարցի կարգաւորման շուրջ քննարկում պիտի ունենան: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում տալով ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովին:
Կը հաղորդուի, որ երկիրներու նախորդ, թիւով 5-րդ եռակողմ հանդիպումը կայացած էր 2019-ին, Անգարայի մէջ: