image

Սուրիոյ հարցով եռակողմ գագաթ եւ ... յայտարարութիւն

Սուրիոյ հարցով եռակողմ  գագաթ եւ ... յայտարարութիւն

Սուրիոյ հարցով հեռավար հանդիպում կայացուցած ՌԴ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահները համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են:

Յայտարարութեան մէջ գրուած է, որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, այն պէտք է կարգաւորուի քաղաքական ճանապարհով: Այս մասին կ'ըսեն նախագահները 2011-էն Սուրիոյ մէջ փաստացի ընթացող պատերազմի սկիզբէն:

Մոսկուան, Թեհրանն ու Անգարան ողջունած են օգոստոսին Սուրիոյ մէջ սահմանադրական խորհուրդի նիստի անցկացումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են օգնել անոր: Միաժամանակ կոչ ըրած են միջազգային հանրութեան աւելցնելու Սուրիոյ տրուող օգնութիւնը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ ենթակառուցուածքներու վերականգմանն ու փախստականներու վերադարձին:

Նախագահները անդրադարձած են նաեւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ կառոյցներու նկատմամբ օդային հարուածին, որ կը խախտէ երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կ'աւելցնէ լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ: