image

Անմարդկային պայմաններու տակ սպաննուած լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի դատական գործով նիստը՝ 24 նոյեմբերին

Անմարդկային պայմաններու տակ սպաննուած լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի դատական գործով նիստը՝  24 նոյեմբերին

24 Նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ պիտի կայանայ Խաշըքճիի սպանութեան գործով նիստը: Գործով կայ 20 մեղադրեալ, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին՝ յղում ընելով Hurriyet-ին:

Թրքական ԶԼՄ-ներու հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը կազմած է 117 էջանոց մեղադրական աքթ:

Խաշըքճին սպանուած էր 2018 թուականին Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան մէջ: Թրքական դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրած էր Սէուտական Արաբիոյ 20 քաղաքացիներու նկատմամբ, այդ շարքին՝ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանի երկու նախկին օգնականներու նկատմամբ: Սէուտական Արաբիան մերժած է կասկածեալները արտայանձնելու մասին Թուրքիոյ պահանջը:

Թուրքիոյ պաշտօնական անձինք կը պնդեն, որ Խաշըքճիին սպանած են, ապա անդամահատած սղոցով: