image

Ռուսաստան պատրաստ է գաղթականներ ընդունիլ. Նախագահ Փութին

Ռուսաստան պատրաստ է գաղթականներ ընդունիլ. Նախագահ Փութին

Ռուսաստանը շահագրգռուած է գաղթականներու ներհոսքով, երկրին մէջ շուտով բաւարար աշխատուժ պիտի չըլլայ, սա լրջօրէն կը սահմանափակէ տնտեսութեան աճը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ երկրի Հիմնական օրէնքի փոփոխութիւններու նախապատրաստման աշխատանքային խումբի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ռուսաստանը նոր քաղաքացիներու ներհոսքի կարիք ունի,- նշած է ան: - Միանգամայն ակնյայտ է, որ Ռուսաստանի տնտեսութեան զարգացման զուգահեռ մեզի արդէն աշխատանքային ձեռքերը չեն բաւականացներ, իսկ շուտով շատ աւելի նկատելի պիտի ըլլայ այդ պակասը, եւ սա կը դառնայ երկրին մէջ տնտեսական աճի իրական, առարկայական սահմանափակիչ»: