image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Պէյրութի մէջ երիտասարդ բուժքոյր մը մահացած է

«Քորոնա»ի Տագնապ.  Պէյրութի մէջ   երիտասարդ  բուժքոյր մը մահացած է

Լիբանանի    մէջ   «Քորոնա» համավարակի հետեւանքով  առաջին   բուժքոյրը մահացած է։

 Այս  մասին  յայտարարութիւն կատարած է «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան   պետական հիւանդանոցը նշելով, որ  «Զէյնապ  Հայտար, որպէս բուժքոյր  կը գործէր «Ալ Զահրա» հիւանդանոցին մէջ  եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք միայն, փոխադրուած էր «Ռաֆիք Հարիրի» հիւանդանոց բուժման համար»։

Զէյնապ   Հայտարի  յուղարկաւորութեան ընթացքին, մէկ վայրկեան լռութիւն պահպանած են ի յարգանք նուիրեալ բուժքոյրին:

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ մահացած  բուժքոյրը  կողմնակի ոչ մէկ  հիւանդութիւն չունէր։

 

 Նշենք, որ   Զէյնապ  Հայտարէն  առաջ     նոյն  համավարակին հետեւանքով Լիբանանի  մէջ    երիտասարդ   բժիշկ  մըն ալ մահացած էր։