image
Հրատապ լուրեր:

«Լիբանանն առանձին չէ...» Էմանուէլ Մաքրոն Պէյրութ ժամանեց

«Լիբանանն  առանձին չէ...» Էմանուէլ  Մաքրոն Պէյրութ ժամանեց

Ֆրանսայի նախագահ  Էմանուէլ  Մաքրոն քիչ առաջ  Պէյրութ ժամանեց։

Ան    Պէյրութի    օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունին կողմէ։

 

Ֆրանսացի   ղեկավարը, որ   կարճ    խօսքով  հանդէս եկաւ,   խօսելով լրագրողներուն հետ   նշեց, որ Ֆրանսան   ինչպէս  երէկ այսօր եւս  Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն  կողքին է. ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այս ծանրակշիռ դէպքին առաջին զոհը   Լիբանանի    ժողովուրդն է ու մենք այստեղ ենք մեր  նիւթական եւ բարոյական  նեցուկը  ցոյց տալու  աղէտահար  Լիբանանին եւ լիբանանցի  ժողովուրդին»։

Ֆրանսայի նախագահը  նաեւ կարեւորեց   տնտեսական  բարեփոխումներ կատարելու  կարեւորութիւնը,    յստակեցնելով, որ առանց այդ բարեփոխումներուն    Լիբանան պիտի շարունակէ նահանջել։

 

Նշենք, որ Մաքրոն    Պէյրութ հասնելուն  պէս  թվիթերեան գրառում մը կատարեց   գրելով.  «Լիբանանն  առանձին չէ...»։

 

Մաքրոն   այսօր հանդիպումներ պիտի կայացնէ  երկրի    քաղաքական     բոլոր կողմերուն հետ, քննարկելու համար     Լիբանանի  վերջին զարգացումները եւ երկիրը    տագնապէն դուրս  բերելու ընդհանուր միջոցները։