image

Պէյրութի պայթում. Զոհերու դիակներ յայտնաբերուեցան. Մին ընկղմած ինքնաշարժի մէջ էր (Տեսանիւթ)

Պէյրութի պայթում.  Զոհերու  դիակներ յայտնաբերուեցան. Մին   ընկղմած ինքնաշարժի մէջ էր (Տեսանիւթ)
  Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհերուն ընդհանուր թիւը հատեց 170-ը։
   

 

Պէյրութը ցնցած պայթումին հետեւանքով զոհերու ընդհանուր թիւը 3-ով բարձրացաւ։

 

 Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ  այսօր  նաւահանգիստի շրջանին մէջ փրկարարական աշխատանքներ կատարող մարմիններ յայտնաբերած են 3  դիակներ։

 

 Կը նշուի, որ  նաւահանգիստին մէջ գտնուած են դիակները Պէյրութի ԱԻՆ հրշէջ մարմնի անդամներ Նաժիպ եւ Շարպէլ Հըթիի, իսկ աւելի ուշ այդ մարմինները յայտնաբերած են սուզուած ինքնաշարժ մը, որուն մէջ գտնուած Հարաւային Լիբանանի քաղաքացի Ալի Քասէմ Սաուանի դին։

 

Այսպիսով Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհերուն ընդհանուր թիւը հատեց 170-ը։