Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ, որ յայտնի «սուք Պայրութ» անունով հրդեհ մը ծագած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրդեհը ծագած է մայրաքաղաքի կեդրոնական մասին ամենագեղատեսիլ շէնքերէն մէկուն մէջ, որ տակաւին կը գտնուի կառուցման փուլին մէջ։
Հրդեհին պատճառներուն մասին լուրեր չեն հաղորդուիր, կը նշուի միայն, որ հրդեհը մարդկային կորուստներ չէ պատճառած։