image
Հրատապ լուրեր:

53 տարի անց Հալէպի «Ֆրանսիսքան» դպրոցը կը վերադարձուեցաւ իր իրաւատէրներուն

53 տարի  անց Հալէպի «Ֆրանսիսքան» դպրոցը կը վերադարձուեցաւ իր իրաւատէրներուն

53  Տարուան  սպասումէ  ետք  Հալէպի «Ֆրանսիսքան» վարժարանը վերադարձուեցաւ  իր  իրաւատէրերուն։

Այս մասին «Արեւելք»  իմացաւ «Ալ Խապար» թերթէն։

 Աղբիւրը  այս մասին խօսած է   Ֆրանսիսքէն համայնքի  պատասխանատուներէն՝ Հայր Ֆիրաս Լութֆիին հետ։

 Լութֆի մասնաւորապէս  ըսած է ՝ «Աստծոյ օգնութեամբ,  տարիներ համբերելէ ետք, մեր տարածքները վերադարձան մեզի, շնորհիւ Սուրիոյ նախագահ՝ տօքթ. Պաշշար Ասատին, որուն  համար երախտապարտ ենք»:

 Տասնամեակներ առաջ «Ֆրանսիսքան» հայրերուն պատկան դպրոցը պետականացուած էր, 1967-1968 թուականներուն Սուրիոյ մէջ ընդունուած   ազգայնացման օրէնքին համաձայն, որ ձեռք դրաւ սեփական հաստատութիւններուն վրայ, ներառեալ եկեղեցական կալուածներուն։

Հայր Ֆիրաս նաեւ  պատմեց  , թէ 2019-ին, նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, խնդրած են վերստանալ իրենց տարածքները, նախագահ՝ Ասատ անմիջապէս ընդառաջած է, ինչ որ նոր առիթ տուած է միաբանութեան շարունակելու իր գործունէութիւնը: «Նախագահը իր խրախուսիչ խօսքերով, մեզի յանձնեց քաղաքի բնակիչներուն նկատմամբ մեծ պատասխանատուութիւն՝ վերակենդանացնելու  ռահվիրայի մեր դերը, մանաւանդ գիտական, կրթական, դաստիարակչական ու մշակութային ոլորտներէն ներս»:  

«Ֆրանսիսքան» միաբանութիւնը  ներկայ դպրոցը հիմնած է 1948-ին: Նախապէս հին Հալէպի շրջանին մէջ ան ունէր «Ալ Շիպանի» դպրոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են բազմաթիւ մտաւորականներ: «Ալ Շիպանի»  դպրոցը, այն ժամանակ մեծ դեր խաղցած է թրքացման դէմ պայքարին մէջ, սակայն 20-րդ դարու սկիզբը փակուած է: Միաբանութիւնը տարիներ ետք, գնած է մեծ տարածութիւն մը Հալէպի  ֆարքան շրջանին մէջ եւ այնտեղ ալ կառուցած է «Սուրբ Հող» դպրոցը, դեռ Հալէպի Համալսարանը չբացուած:  

Սակայն պետականացումէն ետք, վարդապետները ապաստանելով դպրոցի կից վանքին մէջ, զբաղած են միայն կրօնական եւ հոգեւորական աշխատանքներով:

Սուրիոյ պատերազմին, միաբանութիւնը մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է տուժած ընտանիքներուն ու երեխաներուն: Նաեւ մշակած է դաստիարակչական ծրագիր  ուղղուած մանուկներուն, ի մասնաւորի Հալէպի ամէնէն շատ վնասուած՝ արեւելեան շրջանի մանուկներուն:

Ըստ եկեղեցական աղբիւրներու, այլ քրիստոնէական միաբանութիւններ եւս կ'աշխատին վերադարձնել 50 տարի առաջ իրենցմէ  խլուած կալուածները  եւ «Ֆրանսիսքան»ը կը համարուի այն առաջիններէն, որոնք  վերատիրացան  իրենց իրաւունքներուն։

 

«Արեւելք»ի համար  արաբերէնէ թարգմանեց ՝ Թ.Գ.