image

Առաջին անգամ ըլլալով Սէուտցի թագաւորն ու գահաժառանգը շնորհաւորական ուղերձ յղած են Հայաստանին

Առաջին անգամ ըլլալով   Սէուտցի  թագաւորն ու    գահաժառանգը   շնորհաւորական  ուղերձ յղած են Հայաստանին

Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր՝ Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ Ալ Սաուտ շնորհաւորական ուղերձ յղած է, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին։

 

 Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  «Ալ  Եոմ»  կայքէն։

 

 Աղբիւրը  նշած  է,  որ  Սալման  Թագաւոր  ուղերձին մէջ ,իր եւ  իր ժողովուրդին եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան կառավարութեան անունով,  քաջառողջութեան եւ երջանկութեան լաւագոյն մաղթանքներ կը յայտնած է  նախագահին, եւ բարգաւաճութիւն ու զարգացում Հայաստանի բարեկամ ժողովուրդին:

Իսկ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան, փոխ վարչապետ, Պաշտպանութեան նախարար՝  Մուհամմատ Պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սաուտ, նմանապէս ուղարկած է շնորհաւորական ուղերձ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին, Հայաստանիուր նախագահին   մաղթելով քաջառողջութեան եւ երջանկութեան անկեղծ բարեմաղթանքներ, ցանկալով  Հայաստանի  բարեկամ ժողովուրդին ու կառավարութեան  յաւելեալ  բարօրութիւն եւ  յառաջդիմութիւն։

 

 

 Նշենք,   որ այս առաջին անգամն է, որ Սէուտցի  բարձրաստիճան  պատասխանատուներ  նման  շնորհաւորանք կը յղեն  Հայաստանին։