image

Փարիզի մէջ յարձակած են «Charlie Hebdo» թերթի նախկին խմբագրատան շէնքին ուղղութեամբ

Փարիզի մէջ յարձակած են «Charlie Hebdo» թերթի նախկին խմբագրատան շէնքին ուղղութեամբ

Ապահովական միջադէպ մը գրանցուած է Փարիզի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութենէն:

Աղբիւրը նշեց, որ անծանօթներ դաշոյններով յարձակած են «Charlie Hebdo» ամսագրի նախկին խմբագրատան շէնքին ուղղութեամբ: Դէպքին հետեւանքով 3 անձեր դաշունահարուած են:

Ոստիկանութիւնը քննութեան բացած է դէպքին շուրջ եւ տարածուած է Փարիզի այդ հատուածին մէջ, փակելով բոլոր ճանապարհները: