image

«Կ'աղօթենք Հայաստանի մեր սիրելիներուն համար». Ղըպտի կրօնաւոր Անպա Ռաֆայէլ

«Կ'աղօթենք Հայաստանի մեր սիրելիներուն համար». Ղըպտի կրօնաւոր Անպա Ռաֆայէլ

Արաբական աշխարհը այս օրերուն մօտէն կը հետեւի Արցախի մէջ կատարուած իրողութիւններուն: Քաղաքական ուշադրութեան կողքին, կայ նաեւ արաբ քրիստոնեաներու յատուկ ուշադրութիւնը բոլոր առումներով:

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Ղըպտի քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներէն՝ Անպա Ռաֆայէլի (որ բաւականին մեծ լսարան ունի) ամփոփ անդրադարձը.

«Կ՛աղօթենք Հայաստանի մեր սիրելիներուն համար: Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ տեղի կ՛ունենայ:Ատրպէյճանը կը  վայելէ  Թուրքիոյ  ամբողջական նեցուկը։ Պատերազմը ի՛նք սկսած է, որովհետեւ կ՛ուզէ Արցախին տիրանալ (հայկական հողամաս): Տէրը աշխարհի բոլոր կողմերուն միջեւ  խաղաղութիւն կ՛ընէ":