Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ Էրտողանը համարած է Ղարաբաղի մէջ արձանագրուող սրացումներուն գլխաւոր նախաձեռնող։
Այս մասին Ասատ խօսած է ռուսաստանեան «Ռիա նովոսթի» ծառայութեան։
Սուրիոյ նախագահը նաեւ ըսած է, որ մինչեւ օրս Էրտողան նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներուն։
Ասատ նաեւ յայտարարած է, որ Սուրիայէն դէպի Ատրպէյճան ահաբեկիչ զինեալներու փոխադրութեան մասին տեղեկագիրները ճիշդ են եւ այդ բոլորի ետին կը կանգնի Անգարան։