image

Յունաստան մարտական տրամադրուած է Թուրքիոյ դէմ

Յունաստան մարտական տրամադրուած է Թուրքիոյ դէմ

Յունաստանի ծովային ուժերը տագնապի նարնջագոյն ազդանշան արձակած են, որով ուղերձ յղած են Եգէական ծովուն մէջ փոքր շարք մը կղզեակներու մօտ կայանած ռազմանաւերուն եւ հրամայած պատրաստ վիճակի մէջ սպասել Թուրքիոյ կողմէ թշնամական հնարաւոր գործողութիւններու:

Յունաստանի զինուած ուժերու պաշտօնատար անձինք «Ամերիկայի Ձայն»-ին տեղեկացուցած են, որ յունական ռազմական նաւերը շրջափակած են Քասթելորիզօ կղզին ու անոր յարակից անմարդաբնակ շարք մը կղզիներ, պաշտպանելու համար յունական պատկանելիութեան տակ գտնուող այս տարածքները: Թուրքիան այս ամսուան սկիզբը նորէն այստեղ ուղարկեց «Օրուչ Ռէիս» հետախուզական նաւը, որ առաջին անգամ այստեղ ուղարկուելէ ետք երկու երկիրներուն կանգնեցուցած էր պատերազմի առջեւ։

ԱՄՆ-ի ու Եւրոպական միութեան պաշտօնատար անձինք այդ օրերէն ի վեր կը փորձեն երկու կողմերը բերել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Թրքական հետախուզական նաւը ներկայ պահուն կը գտնուի Քասթելորիզօ կղզիէն միայն 14 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մինչ այդ, թրքական որեւէ նաւ այսքան չէր մօտեցած յունական որեւէ կղզիի: Նաւը, որ ըստ թրքական կողմի, կ'իրականացնէ հետազօտական աշխատանքներ, կը գործէ թրքական ռազմանաւերերու ու սուզանաւերու վերահսկողութեան ներքոյ:

Այստեղ կը գտնուի յունական աւելի քան 60 նաւ:

Անգարան կը պնդէ, որ այս տարածքը կը գտնուի իր կողմէ կազի ու նաւթի պաշարներու հետազօտութիւններ կատարելու իրաւասութեան շրջագիծէն ներս: Յունաստանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը նախազգուշացնեն, որ Յունաստանի ինքնիշխանութեան որեւէ ոտնահարում կ'արժանանայ ռազմական ուժերու կողմէ պատասխանի: