image
Հրատապ լուրեր:

Ոչնչացուած է Թուրքիոյ կողմէ թալանուած նաւթի կարեւոր պահեստանոց մը. Wargonzo

Ոչնչացուած է Թուրքիոյ կողմէ թալանուած նաւթի կարեւոր պահեստանոց մը. Wargonzo

 

Սուրիոյ մէջ ոչնչացուած է թրքական գողցուած նաւթի պահեստը: Այս մասին կը յայտնէ @wargonzo Telegram-ալիքը։

 

«Անյայտ ծագման օդանաւը հարուածներ հասցուցած է ահաբեկիչներու կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ գտնուող թրքական ամենամեծ կառոյցին: Խօսքը զինեալներու կողմէ գողացուած (ապօրինի կերպով ձեռք բերուած) նաւթի պահեստաւորման մասին է, որ տեղափոխուած է Թուրքիա: (Գաղտնիք չէ, որ Անգարան չի խորշիր այդ նաւթը վաճառելէ արեւմտեան որոշ երկրներու եւ Իսրայէլին): Այս կառոյցը կարեւոր նիւթաարդիւնաբերական դեր խաղցած է Սուրիայէն Թուրքիա ապօրինի հումք մատակարարելու առումով՝ ահաբեկիչներու եւ թրքական յատուկ ծառայութիւններու կողմէ կազմակերպուած միջանցքներու միջոցով: Որոշ բարձրաստիճան ռազմական աղբիւրներ ակնարկած են @wargonzo նախագիծին, որ այս գործողութիւնը կրնայ պատասխան ըլլալ Էրտողանին Ղարաբաղի համար: Այս հարուածէն ետք Թուրքիան լուրջ տնտեսական վնասներ կրած է, որ, ի դէպ, յանգեցուցած է թրքական լիրայի արժեզրկման»: